
Մարտ 5ին կը լրանայ ծննդեան 90րդ տարեդարձը հայ մամուլի երախտաւորներէն՝ սփիւռքահայ լրագիրի եւ դաշնակցական պաշտօնաթերթի իւրայատուկ դրօշակիր «Ազդակ»ին։ Լիբանանի հայութեան ծոցէն ծնաւ «Ազդակ» եւ ողն ու ծուծով արիւնատար երակը եղաւ հայրենամերձ հայաշխարհի կենսունակ այս գաղութին։ Բայց նաեւ իր մտաւորական կոչումով, գաղափարական ներշնչումով ու հրապարակագրական ներդրումով՝ «Ազդակ» չսահմանափակուեցաւ Լիբանանի սահմաններով։ Ոչ միայն համասփիւռքեան, այլեւ համահայկական իր…















