
(Արցախեան Ազատամարտի Սկզբնաւորման 29-ամեակին Առիթով) Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորութեան հերթական նշումը բազմահայեացքային մօտեցումներ կը ներառէ` գաղափարականէն քաղաքական, մարտականէն տեղեկատուական, հայրենիքի անվտանգութենէն մինչեւ տարածաշրջանային խնդիրներ, բանակցային գործընթացներ, նշելու համար ամէնէն կարեւոր մարզերը: Տրուած ըլլալով սակայն, որ ժամանակի իմաստով անմիջականօրէն մենք բաժնուած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն, քաղաքական դիտարկումի մօտեցումը կը կեդրոնանայ ընտրութիւններուն ընթացքին արցախեան նիւթին արծարծման վրայ:…















