
Տեսարան մէկ: Տարիներ առաջ էր. Երեւան կը գտնուիմ: Օր մը, խումբ մը ընկերներով Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Ցենտրալ» թէյարանէն դուրս կ՛ելլէինք, երբ յանկարծ դէմ յանդիման եկանք խումբ մը մարդոց, որոնք կը մտնէին նոյն թէյարանը: Ինծի անծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր, շրջապատուած 7-8 թիկնապահներով, բոլորն ալ ցուցադրաբար խոժոռ ու «ստուգող» նայուածքներով ու շարժուձեւերով… Երեւանաբնակ ընկերներուս հարցուցի, թէ…















