
«Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը, պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` անհրաժեշտութեան: Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ այդ…















