
17 Ապրիլ 2016ի Կիրակին յիշատակելի ու կարեւոր օր մը եղաւ Յունաստանի եւ յունահայութեան, այլեւ Հայաստանի ու պահանջատէր համայն հայութեան համար։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Ատտիկէի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մարզպետարաններու հովանաւորութեամբ, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլիսի մէջ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցին նուիրուած քաղաքական հանդիսութիւններ, որոնք ըստ արժանւոյն վերանորոգեցին Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը նորովի…















