
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը 6 Յունուարին կազմակերպած էր փակ քննարկում՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող լարուածութեան։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կայքին համաձայն՝ հանդիպումին մասնակցած են յանձնաժողովի անդամներ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք: Յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք…















