
Երէկ, 27 օգոստոսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու գաղութը յուզող հարցեր: Հանդիպումը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն, յատկապէս` քաղաքացիական բողոքի ելոյթներուն: Շեշտուեցաւ լիբանանցիին ընկերային-տնտեսական եւ կենցաղային դժուար պայմանները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ժողովրդային արդար պահանջներու հետապնդումը իրենց բնականոն հունին…















