
Սովորութիւն դարձած է վերջին տարիներուն, հազիւ Փետրուար ամիսը մուտք գործած, ազերի քարոզչական մեքենան գործի կը լծուի եւ Խոճալուի գծով սուտ ու փոյթ փաստեր եւ շինծու լուսանկարներ ցուցադրելով, կը փորձէ համոզել թէ Փետրուար 25-26, 1992-ին անմեղ ազերիներ ջարդուած են, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել երկու հարիւրը: Անշուշտ, այս մէկը միակողմանի կարծիք է եւ Պաքու երբեք չուզէր դարձնել…















