
Ակնկալելի էր, որ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին մամլոյ ասուլիսը խլէր մեծագոյն լուսարձակները: Ռուսիոյ գերիշխանութեան պահպանման համար մղուող պայքարի սահմաններուն մէջ բացատրուած եղելոյթները մեկնաբանական եւ վերլուծման խոր քննարկման կը շարունակեն ենթարկուիլ: Ճիշդ է, որ այս գործընթացներուն հիմնական հանգոյցները Ուքրանիան ու Խրիմն են, այսուհանդերձ նախ փորձենք կեդրոնանալ հայկական հարցերուն հետ ուղղակի, աւելի ճիշդ անուղղակիօրէն կապուած…















