
Վերջին քանի մը օրերուն երուզեռի մէջ է Թուրքիոյ արտաքին յարաբերական կառոյցը: Այսպէս բեղուն օրեր կ՛ապրի Թուրքիան, յանձին նախագահ Էրտողանի, որ շարունակ այցելուներ կ՛ընդունի: Պարզ զբօսաշրջիկներ չեն ժամանողները, ոչ ալ փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող տեսակցութիւններ են կատարուածները, այլ շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ հանդիպումներ: Նոյեմբերի վերջին օրերուն, Էրտողանի հիւրն էր Փրանկիսկոս Պապը, որ Վատիկանէն ժամանած էր Թուրքիա,…















