
Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 յուլիսի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Արժանթինահայ համայնքի անդամները նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան առիթով հանդէս եկան համայնքին կողմէ պատրաստուած մշակութային ձեռնարկով: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք համայնքին նշեց, որ 8 յուլիսին Պուենոս Այրեսի մէջ յիշարժան իրադարձութիւն պէտք է ըլլայ` պիտի հիմնադրուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, Արժանթինի հայ…















