
Իր ձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան երիտասարդական հսկումի հաւաքը կը փոխարինուի քայլարշաւ-մոմավառութեամբ եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքով։ Նախաձեռնութիւնը իր վրայ կը կեդրոնացնէ դիտարկումի եւ արժեւորման քանի մը կէտեր։ Ա.-Եղանակը նոր է։ Առաջադրուածը արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած զանգուածային բնոյթով համաժողովրդային քայլերթը չէ։ Երբ կը յայտարարուի, որ տուներէն, գործատեղիներէն, կեդրոններէ եւ թաղամասերէ խումբ-խումբ պիտի ուղղուինք…















