
Տիեզերական անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, կը բարեփոխուի եւ ընդհանրապէս կը զարգանայ: Տեւական փոփոխութեան մէջ է արդի աշխարհը, անտարակոյս: Այդ փոփոխութիւնները եւ յառաջդիմութիւնները սկզբունքով դրական եւ օգտաշատ են, եւ համայն մարդկութեան առաքելութիւնն է զանոնք ծառայեցնել բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ու երջանկութեան: Սակայն, նաեւ կը պատահի, որ անկանխատեսելի աղիտալի դէպքեր…














