
Ֆրանսայի նախագահութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներ Մուրատ Փափազեանը, Արա Թորանեանը եւ Ալեքսիս Կէօվճեանը: Նախագահը գնահատած է մշակոյթի եւ հայկական յիշողութեան պահպանման ի նպաստ խորհուրդին տարած աշխատանքը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցած են ազգային յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրը, որուն իր զօրակցութիւնը յայտնած…















