Շրջանային մամուլ

Հայեւթուրք Երկխօսութեան Խաբկանքն Ու Իրականութիւնը

Տուէք մեզ որեւէ հաւաստիք, որ միանալով ձեզ հետ՝ դրանով մենք չենք ապահովի միայն ձեր հանգստութիւնը՝ թէ Հայկական Հարցը յաջողաբար խեղդեցիք եւ որ այդ հարցից այլեւս վտանգ չկայ օսմանեան գերիշխանութեան եւ նրա վաղեմի աշխարհակալ փառքին, այլ դրանով ձեռք կը բերենք թիւրք ինտելիգենցիայի մի արժանահաւատ ուժը, որ կարող է բարեփոխել մեր ժողովրդի դրութիւնը,- եւ մենք յեղափոխականին վայել…

Ազդակի Խմբագրական. Յաղթահարե՛լ Ժամանակի Պարտադրած Փորձութիւնը (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին Առիթով)

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը արդէն քառասուն տարուան փորձառութիւն ունի, իբրեւ կառոյց, իբրեւ գործունէութիւն եւ իբրեւ կայացած միաւոր առ հասարակ` իրեն կապուած տարբեր բաժանմունքներով: ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնը զուգադիպած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ բնականաբար անոր գործունէութեան կարեւոր բաժինը պիտի վերաբերէր պատերազմէն բխած անմիջական երեւոյթներու, հետեւանքներու եւ իրականութիւններու: ԼԵՄ-ը բնականաբար իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, ապագայ դաշնակցական մարդը կազմաւորելու…

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ. «Երիտասարդութիւնն Ու Հայ Դատը» Խորագիրով Շահեկան Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, շաբաթ, 23 եւ կիրակի, 24 նոյեմբերին «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` «Երիտասարդութիւնն ու Հայ դատը» խորագիրով, որուն մասնակցելու նպատակով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան եւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան: Սեմինարին…

Վերականգնումի Ծրագիր

Հայաստանի տնտեսութիւնը քանդուա՞ծ է, քայքաուա՞ծ է: Տնտեսագիտական կամ քաղաքական գնահատումներով՝ հաւանաբար նման եզրակացութիւն մը վիճելի կրնայ ըլլալ: Այսուհանդերձ, տնտեսական վերականգնման սեփական ծրագիրի մը անհրաժեշտութեան դէմ կրնա՞յ ոեւէ մէկը հակաճառել: Հայաստանէն արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ անարդարութեան, կաշառակերութեան, իշխանութեանց կամայականութեանց ստեղծած հոգեբանական ծանր մթնոլորտին կողքին՝ անգործութեան բարձր ցուցանիշն է: Նաեւ՝ գործ ունեցողներու ցած աշխատավարձը: Ամէն անգամ, երբ…

ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովը Պիտի Քննէ «Ատրպէյճանի Գրաւեալ Հողերուն» Հարցը

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի Դեկտեմբեր 16ի օրակարգին վրայ կարելի եղած է դնել «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողերուն վրայ կացութիւնը» խորագիրով բանաձեւի մը նախագիծին քննարկումը: Այս բանաձեւի նախագիծին քննարկումը արդէն իսկ քանի մը առիթներով յետաձգուած է ՄԱԿի 68րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին: asbarez.com 22/11/2013

Խմբագրական «Հորիզոն»ի. Հայ Դատի պատնէշներու ամրագրման ի խնդիր – (Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած նուիրահաւաքին առիթով)

Նոյեմբեր 16-ին, Գանատայի մէջ սկիզբ առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած նուիրահաւաքը, որ ուղղուած է յանձնախումբի բազմաբեւեռ քարոզչական աշխատանքներուն յաւելեալ զարկ տալու նպատակին։ Գանատայի հայ գաղութին համար անծանօթ չեն վերոնշեալ յանձնախումբի կէս դարու ժամանակահատուածի վրայ արձանագրուած իրագործումները։ Յանձնախումբի առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի տարածքային պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, սուրիական ճգնաժամին մէջ յայտնուած…

Ո՛չ Իսլամացած, Այլ՝ Իսլամացուած

Մամուլի մէջ յաճախ անդրադարձ կ՛ըլլայ լեզուական հարցերու, յատկապէս՝ մամուլի լեզուին կապուած դիտողութիւններու ձեւի տակ: Երեւութապէս լեզուական հարց մը կ՛արծարծէ նաեւ իմ այս մատնանշումս, զոր մամուլի ճամբով կ’ուզեմ ուղղել մեր ե՛ւ մամուլի օրկաններուն, ե՛ւ բարի կամեցողութեան տէր անհատ գրիչներու: Հարց մը, սակայն, միայն երեւութապէ՛ս լեզուական, ու փաստօրէն խորքային, կարեւոր – որովհետեւ ազգային – քաղաքական ու մարդկային…

Օրուան մտածումը – Զգո՜յշ, Թրքական Ծուղակ Է…

ՀՀ պաշտօնական թէ կիսապաշտօնական քարոզչամիջոցները որսորդի պէս արթուն կը հսկեն եւ ակնդէտ կը հետեւին Թուրքիոյ լուրերուն, որպէսզի անմիջապէս, երբ որ տեսնեն ու բռնեն, մեր ժողովուրդին ներկայացնեն իրենց գտած «որս»ը… Ո՛չ, խօսքը չի վերաբերիր թրքական քարոզչամիջոցներու հակահայ դրսեւորումները «որսալու», անոնց կեղծիքն ու յերիւրանքը մերկացնելու եւ պահանջատիրական արժանի պատասխան տալու ՀՀ իշխանութեանց… նախանձախնդրութեան։ Այդ հոգը ըստ երեւոյթին…

Թուրքիա – Սոցիալիստները հիւր՝ Թուրքիայում

Անցեալ շաբաթւայ ընթացքում, երկուշաբթի, նոյ. 11-ին եւ երեքշաբթի, նոյ. 12-ին Ստամբուլում գումարւեց Ընկերվար միջազգայնական (Սոցիալ ինտերնացիոնալ) կազմակերպութեան ժողովը, հիւրընկալութեամբ Թուրքիայի ընդդիմադիր՝ ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP), որը անդամ է նաեւ այդ կազմակերպութեան: Ժողովին մասնակցում էին 168 ընկերվարական, ժողովրդավարական, աշխատաւորական կուսակցութիւններ, խմբակցութիւններ եւ անւանի դէմքեր աշխարհի շուրջ 200 երկրներից: Երկօրեայ այդ ժողովը գլխաւորաբար անդրադարձաւ տարածաշրջանային հարցերին ու հակամարտութիւններին,…

Ակնարկ. Նիստի Խափանումն Ու Արտախորհրդարանական Միջավայրերը

Դրական միտում կարելի էր նկատել Հայաստանի օրէնսդիր դաշտին մէջ կենսաթոշակային համակարգի մասին բարեփոխումներ բերելու նախաձեռնութիւնները։ Ի վերջոյ սկզբունքով անոնք պէտք է միտուած ըլլային աղքատութեան յաղթահարման փորձերով ժողովրդագրական վիճակագրութիւններու եզրակացուցած տխուր տուեալները բարելաւելու։ Այդպէս չեղաւ սակայն։ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ 15 նոյեմբերին հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ կենսաթոշակային համակարգի բարեփոխումներու պարտադիր բաղադրիչի գործադրումը մէկ տարիով…