
Մենք դէմ ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած ու այս օրերուն Քոնկրեսին մէջ քննարկուող Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւն կատարելու բանաձեւին, եւ կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր համակիրներուն՝ միանալու մեր ճիգերուն՝ ձախողցնելու զայն: Նախագահը իր բոլոր լծակներով կը ջանայ համոզել Քոնկրեսի անդամները, թէ Ամերիկան պարտաւոր է ռազմական պատժիչ քայլերու ձեռնարկել Սուրիոյ վարչակարգին դէմ, որպէսզի ճիշդ…















