
Առանց բանավէճի, ծրագիրներու համարեա բացակայութեամբ յատկանշուած, գաղափարազուրկ, պարզունակ հայրենասիրական ճառերով լեցուն, սերիալներու յատուկ էժանագին տռամներու յուզականութեամբ թրծուած նախագահական ընտրութիւններու «փիար»ական քարոզարշաւը աւարտեցաւ եւ Փետրուար 18-ին, թուական մը որ Արամ Մանուկեանները չմոռցողները կը նշեն որպէս պոլշեւիկեան իշխանութեան լուծին դէմ ժողովրդային ապստամբութեան պատմական օր, Հայաստանի մէջ «տօնուեցաւ» ժողովրդավարութեան յաղթանակը՝ ընտրութիւններու սպասուած արդիւնքներու բացայայտումով: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը կը…













