
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը իր Ը. Պատգամաւորական Ժողովը գումարեց Երեւանի Անի հիւրանոցի մէջ, 19, 20 եւ 21 Մայիս 2018-ին: Ժողովին կը մասնակցէին 15 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Օ.Մ-.ի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ի պաշտօնէ՝ Համազգայինի հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու տնօրէնները: Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց յիշատակը անցնող քառամեակին մեզմէ…















