
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած «Արամ»-ը հատորին նոր վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ` Կարօ Յովհաննէսեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու…















