
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21-ին պաշտօնական նամակով մը դիմած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին՝ խնդրելով, որ ան կտրուկ միջոցներու դիմէ, որպէսզի դադրեցուին Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ տարածքներէն ներս Հայաստանի ապօրինի գործողութիւնները»: Այս մասին կը յայտնէ APA-ը։ «Հայաստանը, օգտագործելով հրադադարը՝ կը շարունակէ ջանքեր ի գործ դնել՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ ժողովրդագրական, մշակութային…















