
Մարտ 27ի այս օրը կը լրանայ մահուան 90ամեակը հայ ժողովուրդի յեղափոխական հերոսապատումին եզակի դէմքերէն Արմէն Գարոյի։ Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն գործողութեամբ հռչակուեցաւ անունը Արմէն Գարոյի, որ Բաբգէն Սիւնիի կողքին եւ մանաւանդ անոր նահատակութենէն ետք, Հրաչ Թիրիաքեանի հետ միասնաբար, ղեկավարեց Օսմանեան Կայսրութեան ելեւմըտական ողնաշարը հարուածելու հայ յեղափոխական շարժման շռնդալից գրոհը։ Արմէն Գարօ միեւնոյն վճռականութեամբ եւ յանդգնութեամբ…















