
25 տարիներ առաջ Սումկայիթ քաղաքին մէջ ազերիական ամբոխի վայրագութեանց զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ երէկ, Չորեքշաբթի 27 Փետրուարին, Աթէնքի արուարձաններէն Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի համակազմակերպումով՝ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ կէսօրուայ ժամը 4ին, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ մասնակցութեամբ Խորէն աբղ. Առաքելեանի,…











