
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու միօրեայ խորհրդաժողովը իր վրայ կը հրաւիրէ քանի մը դիտարկում: Նախ պէտք է նշել, որ Անթիլիասի մէջ նման խորհրդաժողովի կազմակերպումը վերստին կ՛ընդգծէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայ ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը առաջադրող համասփիւռքեան կեդրոն ըլլալու հանգամանքը: Երկրորդ` ձեւաչափի առումով այս…















