Քննարկում

Իրաքի Հայկական Համայնքը Նեղ Կացութեան Մէջ Է

Հարցազրոյց Պարոյր Յակոբեանի Հետ Սեպտեմբեր 19-20 տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցան համահայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, անդամներ, այս ծիրին մէջ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Պարոյր Յակոբեանին հետ: – Ինչպիսի՞ն է Իրաքի հայ համայնքին այսօրուան իրավիճակը: – Իրաքի գաղութը վերջին տարիներուն բաւական նեղ կացութեան մատնուած է, նօսրացման…

Ակնարկ. Թուրքիոյ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Օրակարգային Խնդիր Է

Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկի յայտարարութիւնը, թէ` «մեր գլխաւոր խնդիրն է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, կայ ցամաքային ուժեր տեղակայելու հաւանականութիւն, եթէ մենք տեսնենք անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն», տարածաշրջանային իրադարձութիւններու խորապատկերին վրայ քաղաքական տրամաբանութեան քանի մը մեկնաբանութիւն կրնայ յուշել: Նախ անշուշտ, դասական պարզ այն մօտեցումը, որ ՕԹԱՆ-ը կը զօրակցի իր անդամ պետութիւններուն եւ ի պահանջեալ…

Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը

Հարցազրոյց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Աւագեանի հետ «Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը՝ երկրի սահմանադրութեան համահունչ քայլ էր» Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը, որ կը քրէականացնէ ժխտումը: Ինչպիսի՞ հանգրուաններէ անցաւ խորհրդարանի գործընթացը, մինչեւ որ յանգի օրինագիծի վաւերացման: Յունական խորհրդարանի օրէնքը իր տեսակին…

Ակնարկ. Թրքական Փոթորկոտ Գարուն` Քաղաքական Եղանակի Կանխատեսումներով

Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմը կտրուկ դիմափոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Եթէ Սուրիոյ պարագային բանակ-ազատ բանակ ձեւաչափով էր առաջին փուլը, ապա անիկա վերածուեցաւ ՏԱՀԵՇ-վարչակարգ ընդհարումներու վրայ կեդրոնացած պատերազմի: Հիմա արդէն մարտերու թէժ կէտերուն մէջ ներգրաւուած են քիւրտերն ու իսլամական պետութեան զինեալները: Անշուշտ որոշ տարբերութիւններով` իրավիճակը ընդհանուր առումով նոյնն է Իրաքի պարագային: Այնտեղ եւս իրադարձութիւններուն վրայ բացուած լուսարձակները կը վերաբերին Իսլամական…

Անվտանգութեան հարցերի շւաքը՝ Աստրախանեան գագաթաժողովում

Ռուսաստանի Դաշնութեան Աստրախան քաղաքում իր աշխատանքներն է աւարտել Կասպից ծովի աւազանի երկրների ղեկավարների հերթական գագաթաժողովը: Աստրախանեան գագաթաժողովին մասնակցել է նաեւ Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան նախագահ դոկտ. Հասան Ռոհանին, ով ելոյթ է ունեցել գագաթաժողովում: Իր ելոյթում հանրապետութեան նախագահն անդրադարձել է Կասպից ծովի աւազանի անվտանգութեան խնդրին եւ կարեւորել է համատեղ համագործակցութիւնը՝ Կասպից ծովի աւազանում կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման…

Արդարացի լուծում

ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՅԱՆ ԴԻՄԱՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՅԱՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՄԱՆ ԽՄԲԻ ԶԵԿՈՒՅՑԸ Վերջնական զեկույցը – Սեպտեմբեր 2014 Հայոց ցեղասպանության հատուցումների ուսումնասիրման խումբը Նախագահ՝ Հենրի Թերիո Անդամներ՝ Ալֆրեդ դե Զայաս Ջերմեյն Օ. Մաքքալփին Արա Պապյան Այս անկախ զեկույցը հնարավոր է դարձել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության սկզբնական դրամաշնորհի օգնությամբ: ՀՑՀՈւԽ-ն իր խորին երախտագիտությունն է հայտնում Ջորջ Աղջայանին զեկույցի 8-րդ գլխում զետեղված ֆինանսական…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ժամանակահատուած, Ամպիոն Եւ Առիթ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքը իրաւամբ բոլոր պատճառները ունի առանձնանալու այդ ամպիոնէն փոխանցուած նախորդ ելոյթներէն։ Իւրայատկութիւնը ունի թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային, թէ՛ շեշտադրումային եւ թէ՛ ոճաբանական հիմնաւորումներ։ Այստեղ առիթը օգտագործուած է առաւելագոյն ձեւով ամուր, կարծր դիրքերէ ուղերձներ փոխանցելու։ Խօսքը, իր իւրաքանչիւր պարբերութեամբ եւ իւրաքանչիւր բառով՝ իր ամբողջութեան մէջ երկարապատում մեկնաբանութիւններու կարիք չունի։ Պէտք է…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տէր Զօրը Եկեղեցիներու Պայթեցման Օրինակներէն Դուրս Է

Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման փաստը դիտարկումի առաջին փորձով քանի մը հայեցակէտեր կ՛ամփոփէ։ Սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Տէր Զօրը կրած էր որոշ աւերումներ։ Սակաւ չէին այն մեկնաբանութիւնները, որոնք պատահածը անպայման թիրախաւորուած յարձակում չէին նկատեր։ Այս տեսակէտին կը նպաստէին նաեւ այն օրերուն շրջանին մէջ կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումները, որոնց անմիջական հետեւանքով նիւթական ծանր վնասներ…

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրին այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրայի հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանէն խնդրեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով իր շնորհակալութիւնը փոխանցել յունական իշխանութեանց, խորհրդարանին եւ յոյն ժողովուրդին: Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ…

Ակնարկ. Անգարան` Ընդլայնուող Դաշինքին Եւ Իսլամականներուն Միջեւ

Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը՝ ընդդէմ Իսլամական պետութեան, տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած։ Եւ այստեղ այնքան մշուշոտ է դաշտը, այնքան տակաւին անորոշ գործընթացներ կ’արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ։ Հարցը կը վերաբերի Իսլամական պետութեան շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւներուն։…