Քննարկում

«Ազատ Օր»ի Խմբագրական. «Ազատ Օր» 70 տարեկան

Առաջին հերթին մաղթանքներու օրեր կրնան ըլլալ յոբելենական տարեդարձներու թուականները, բայց մանաւանդ մամլոյ դաշտէն ներս իւրաքանչիւր տարեթիւ որ կþաւելնայ օրաթերթի մը երկար ճանապարհին վրայ, յաղթանակ մը կը նշանաւորէ։ Յաղթանակ, որ կը պատկանի բոլորին անխտիր՝ թերթի ընթերցողներուն, բաժանորդներուն, վարչական պատասխանատուներուն, աշխատակազմին, նուիրատուներուն եւ բարեկամներու այն լայն շրջանակին, որ թիկունք կը կանգնի հայ մամուլին։ Այսօր կը նշենք յունահայ…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պուտափեշթի Մարդասպանը Եւ Պաքուի «Հերոս»-ը

Տասը տարի առաջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցելու առիթով Պուտափեշթ ժամանած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահար ըլլալով կը սպաննուէր ազրպէյճանցի Սաֆարովի կողմէ: Այնուհետեւ դիպաշարը ծանօթ է բոլորին: Ձերբակալութիւն, դատավարութիւն, ահաւոր ճնշում Պաքուի կողմէ Հունգարիոյ դատաիրաւական հաստատութիւններուն վրայ, վճիռ, ցկեանս բանտարկութիւն: Երկու տարի առաջ ազրպէյճանահունգարական գործարքներու եւ լուռ համաձայնութիւններու իբրեւ արդիւնք մարդասպանը կը յայտնուէր ազատութեան մէջ…

«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Հակահայ թրքամոլութեան երեք զոհ՝ Գուրգէն Մարգարեան, Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճը

Տարբեր էին երեք հայերու սպանութեան թուականները, բայց մէկ էր անոնց սպանութեան առիթ տուած հակահայ թրքամոլութեան կիրքը։ Փետրուար 19, 2004ին, Պուտափեշտի մէջ, Գուրգէն Մարգարեան քնացած պահուն կը սպաննուէր ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի կացինէն։ 19 Յունուար 2007ին Պոլսոյ մէջ, իր հրատարակած թերթի խմբագրատան առջեւ կը սպաննուէր Հրանդ Տինք, իսկ թրքական բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ, 24 Ապրիլ 2011ին,…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Արցախեան Խորհուրդին Առանձնայատկութիւնը

Փետրուարեան խորհուրդները Վարդանանցէն սկսեալ, անցնելով ապստամբական իրադարձութիւնը հասնելու համար Սումկայիթ եւ Արցախեան ազատամարտ, պատմաքաղաքական ընդհանուր հիւսուածքի մը տարբեր բաժիններն են` ագուցուած իրարու այս կամ այն պատմական տրամաբանութեան ուղիով: Բոլորն ալ լինելութեան, գոյատեւման եւ ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորումներն են, տարողութեան յստակ տարբերութիւններով անշուշտ: Վարդանանց գաղափարախօսութիւնը կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու նոյն…

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Մեզի Յանձնել Կը Նշանակէ Ընդունիլ Քրիստոնեաներուն Համար Անոր Ներկայացուցած Ռազմավարական Արժէքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 15 փետրուարին լոյս տեսած «Նահար» օրաթերթի թիւին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Տէյր Քալաայի դռնփակ հանդիպումէն ի վեր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը գործէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ խորհրդակցելու սկզբունքով: «Այս շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր պլոքներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ, բացի…

Ակնարկ. Անգարայի Տարանցիկ Հանգամանքը Եւ Պաքուի Փրկօղակը

«Ժընեւ-2»-ի 2-րդ փուլին նախապատրաստութեան առընթեր կը թէժանայ տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արմատաւորուած ծայրայեղ կրօնական խմբաւորումներու մաքրազտման օրակարգը: Արեւմուտքը եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգները կը թուին խորապէս մտահոգուած ըլլալ այս խմբաւորումներուն վերահսկողութենէ դուրս ըլլալու իրողութեամբ: Կրօնական հանգամանքի շահարկումը, նման պատերազմական իրավիճակներու ընթացքին, եթէ կարճաժամկէտ դրուածքով մարտավարական որոշակի առաւելներ կ՛ապահովէ տուեալ կողմին, ապա երկար գիծի վրայ…

Բարի Գալուստ. Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահան Յովհաննիսեանին Քաղաքական Գործիչ, Հնագէտ, Պատմաբան Եւ Վիպասան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ղեկավարուելով Հայաստանի սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտով, որոշած է Վահան Յովհաննիսեանը նշանակել Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Պերլին): Նախագահին մէկ այլ…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հաւասարեցման Վտանգաւոր Խաղը

Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ եւ վերջերս նաեւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դիմաց պատասխանատուութեան առումով համահաւասարեցման միջազգային խաղը նոր երեւոյթ չէ: Քաղաքականօրէն նաեւ ակնկալելը, որ արդար գնահատականներ տրուին եւ միջնորդական խաղաղարար առաքելութիւն ստանձնած տարբեր կառոյցները ճիշդ եզրակացութիւններ յայտարարեն, կը թուի, որ իրատեսական չէ: Ի վերջոյ այս կառոյցները քաղաքական էութիւն ունին…

Տեղական ընտրութիւններ Թուրքիայում

2014 թւականին քաղաքական կեանքի հարցեր -(2) Մարտի 30-ին Թուրքիայում տեղի են ունենալու տեղական ընտրութիւններ: Տեղական ընտրութիւնները Թուրքիայում տեղի են ունենում իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ` այս տարւայ ընտրութիւնները, համարւում են շատ կարեւոր եւ անկիւնադարձային: Ի՛նչ է այդ ընտրութիւնը, ի՛նչ դեր ունի Թուրքիայի հասարակական, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքում: Սահմանադրութեան 127-րդ յօդւածի համաձայն՝ տեղական կառավարումը երեք մակարդակի է՝…

Նշմար – Ազգային Բանակով հպարտ, բայց…

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պետութիւններ կը մշակեն ազգային ռազմավարութիւն եւ կը կազմեն բանակ՝ ատոնց ի սպաս դնելով սեփական երկրի կարելիութեանց կարեւորագոյն տոկոսը, մարդկային թէ տնտեսական: Քաղաքական գետնի վրայ մշակւած այդ ռազմավարութիւնը պարտադիր է եւ կերկարաձգուի բոլոր հանգրուաններու վրայ, պատերազմի նախապատրաստութենէն մինչեւ յաղթանակի օգտագործում-շահագործումը: Ինչ որ կը նշանակէ՝ նաե՛ւ «խաղաղութեանե շըրջաններուն մեր պարագային, Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի բովին…