Քննարկում

Ակնարկ. «Մարդկութեան Դէմ Ոճիրը»` Ցոյց-Հակացոյց Ճամբարներուն Մէջ

Կեզի այգիի շարժումը դէպի նոր հունաւորում կ՛առաջնորդէ թուրք հասարակութիւնը: Ոչ անպայման իշխանութիւններուն կողմէ պայմանաժամային ոճի որդեգրումով կամ ընդդիմութեան կիսաընդառաջումներով եւ շարժման վերածաւալման միտումներով: Նոր հունաւորումը աւելի կը վերաբերի ցոյց-հակացոյց երեւոյթին: Եթէ մինչ այժմ քաղաքացիական շարժում-իրաւապահ մարմիններ հակադրութեան ձեւաչափը իրողապէս կ՛աշխատէր, շաբաթ օրուընէ սկսեալ ոչ միայն Պոլսոյ մէջ, այլ նաեւ Անգարայի մէջ հակադրութիւնը արձանագրեց նոր տարողութիւն`…

Էրտողանի Հասկցած «ժողովրդավարութիւն»ը Եւ Նոր Աշխարհակարգի «ժողովրդավարական» Երկդիմութիւնը

1990ականներու կէսերուն, երբ տակաւին Պոլսոյ նահանգապետն էր եւ նոր սկսած էր թրքական պետութեան ղեկին տիրանալու իր յաղթարշաւը, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետը՝ Ռեչեփ Էրտողան առիթով մը հետեւեալ պատկերաւոր սահմանումը տուած էր ժողովրդավարութեան իր ըմբռնումին եւ… «յանձնառութեան». – «Ժողովրդավարութիւնը նման է «թրամ»ի (tram). կը քշես, մինչեւ որ տեղդ հասնիս. յետոյ՝ դուրս կու գաս»… Օրին թերեւս շատեր կարիքը չէին…

Ակնարկ. Ինքնութեան Խնդիրներ Գուցէ Այլ Հանգրուանի

Պոլսոյ եւ այլեւս նաեւ Անգարայի իրադրութիւններուն (եթէ տակաւին չենք ուզեր ընդհարումներ բառակապակցութիւնը օգտագործել` բնութագրելու համար ներթրքական իրավիճակը) հետեւելու ընթացքին կ՛աւելնան քանի մը դիտակէտեր: Նախ անշուշտ ցոյցերուն, բողոքներուն տեւողութեան երեւոյթը: Եթէ ցոյցերուն մօտ տարողութեան նոր մագլցումներ չեն արձանագրուիր, այսուհանդերձ պէտք է նկատել անպայման, որ անոնք կը շարունակուին: Իսկ զանգուածային բողոքի գործողութիւններու աւելի քան տասը օր տեւելը…

«Ամէն հայ Եղեռնի պատմութիւն մը ունի: Ամէն հայ նահատակ մը ունի իր հոգիին մէջ»

Կարճ ժամանակ առաջ մեր թերթի էջերէն յայտարարութիւն մը լոյս տեսած էր Libra-6 Productions, Inc. կազմակերպութեան կողմէ «ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» կոչուող ծրագրի իրագործման մասին, որ կը միտի անգլերէնով հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէնազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները՝ գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ: Libra-6 Productions, Inc. Նիւ Եորք նահանգի մէջ արձանագրուած, ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային…

Հայաստանը պետք է խաղաղապահ ուժեր ուղարկի Լիբանան և ոչ թե Մալի

Հայաստանի Հանրապետության պաշտպանության նախարարությունը քննարկում է Հարավային Լիբանան երկու զորախումբ ուղարկելու հարցը: Այս շաբաթ նախարարության պաշտոնատարները մեկնելու են Հռոմ՝ Լիբանանում ՄԱԿ-ի հովանու ներքո իրականացվող ՅՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելության պատասխանատու իտալացի գործընկերների հետ հայկական զորախմբերի կառուցվածքի, տեղակայման վայրի, թվաքանակի և տեխնիկական ապահովման հարցերը քննարկելու համար: Սա դրական տեղաշարժ է 2006 թվականից ի վեր, երբ նախագահ Քոչարյանի կառավարությունը…

Լայն Խարիսխ

Ազատամարտիկներու կենցաղային, ընկերային աննախանձելի վիճակը, առաւել բանակին մէջ տեղի ունեցած անբաղձալի դէպքերը կը յուզեն մեր ժողովուրդի լայն խաւերը՝ դրականօրէն տրամադրելով զանգուածները ի նպաստ կռուած տղոց կամ բանակի վեթերաններուն իրաւունքներու պաշտպանութեան միտող որեւէ նախաձեռնութեան, ցուցական որեւէ արտայայտութեան: Նկատի ունենալով, որ Արցախի Ազատագրութեան պայքարին մասնակցողները նկատառելի թիւ կը կազմեն, նկատի ունենալով, որ մեր ժողովուրդի մարտունակութիւնը բարձր պահելու…

Պռոշյանցիները համայնքապետի ժամանակավոր պաշտոնակատարին չեն ընդունում եւ գյուղապետարան չեն թողնում

Պռոշյանում Կոտայքի մարզպետ Կովալենկո Շահգալդյանի նշանակած համայնքապետի ժամանակավոր պաշտոնակատարին գյուղացիները չեն ընդունում: Իրենց դժգոհությունը հիմավորում են այսպես. Հրաչ Մուրադյանի սպանության մանրամասները բացահայտված չեն, մեղավորները շարունակում են անպատիժ մնալ, համայնքում մթնոլորտը լարված է, իսկ նորանշանակ պաշտոնակատար Արմինե Մելիքյանը հայտնի է Պռոշյանում ցանկացած ընտրություն տապալելու փորձերով: Գյուղացիներն ասում են, որ արդեն մի քանի անգամ տապալվել է նաեւ…

Ակնարկ. Ներթրքական Ալիքը Եւ Հայկական Հայեցակէտեր Ճշդելու Պահը

Ներթրքական նորագոյն իրադարձութիւնները յանկարծակիութեան գործօնով մեկնաբանելը որոշ տեղ մը միայն իր բացատրութիւնը ունի: Բնապահպանական հարցերու յառաջացուցած այս տարողութիւնը ճիշդ է կտրուկ մագլցողականութեան եւ յանկարծակիութեան բնութագիրը կը կրէ, այսուհանդերձ պարարտ ենթահողի մը գոյութեան մասին կը խօսի անպայման: Դժգոհ հասարակութեան խճանկարը տարբաղադրելը եւ համապատկերի բաղադրամասերուն ճիշդ սահմանումներ տալը կը թուի, որ դժուար աշխատանք է: Բնապահպաններ, քաղաքացիական շարժումի…

Համշէնահայութեան Նուիրուած Ձեռնարկին Առիթով Հայկազ Ալվրցեան Լիբանանի Մէջ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ` համշէնահայութեան նուիրուած «Հայեր… Անոնք ալ հայ են» խորագիրով ձեռնարկին իբրեւ օրուան պատգամախօս, Հայաստանէն հրաւիրուեցաւ «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան: Անոր Լիբանան կեցութիւնը` 1-8 մայիս, առիթ ստեղծեց, որ կեդրոնական ձեռնարկին առընթեր կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ զրոյցի երեկոներ, զորս կը թուենք ստորեւ: Հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ին` հարցազրոյց…

Նշմար. Անիմաստ Երկխօսութիւն

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Առընչ երէկ Անգարայի մէջ իր երկրին նախագահին հետ հանդիպումէն ետք պատրաստակամութիւն յայտնեց այսօր Թաքսիմի «արդար եւ օրինական» սկզբնական ցոյցի կազմակերպիչներուն հետ հանդիպում ունենալու եւ անասուններու պաշտպաններու մտահոգութեանց ականջ տալու: Այսպիսով, կառավարութիւնը կը փորձէ տագնապը իր սկզբնական կէտին` բնապահպանական մտահոգութեամբ խաղաղ ցոյցի պայմաններուն վերադարձնելու. զղջումի արտայայտութի՞ւն մը, ո՞վ գիտէ, յամենայն…