
Արցախի բնակչութենէն ներողութիւն խնդրելու ազրպէյճանական կոչը առայժմ իբրեւ սոսկ լրատուութիւն կը շրջագայի հայկական լրատուադաշտին մէջ: Ազրպէյճանական կողմը անշուշտ բիրտ հակազդողի դիրքերու վրայ է: Այլախոհ եւ հալածեալ գրողի հռչակ ունեցող Աքրամ Այլիսլին համարձակ քայլի դիմած է: Խնդիրը այս պարագային Ժամանակակից Մուսաւաթ կուսակցութեան եւ նման մտայնութեան հակազդեցութիւնը չէ: Հարցը առնչուած է պետութեան վերաբերումին, որուն կ՛ակնարկէ այլախոհ ազրպէյճանցին:…













