
…Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հետեւողական է իր կեցուածքներուն մէջ եւ իր խօսքին տէրն է։ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական փուլի օրերն են։ Կուսակցութիւններ, քաղաքական հոսանքներ կամ դէմքեր հեւքոտ աշխատանքի մէջ են դաշինքներ, ցանկեր կազմելու նպատակով։ Անցնող օրերուն ականատես դարձանք այս կամ այն դաշինքի կազմութեան, այս կամ այն քաղաքական հոսանքի կամ դէմքի՝ տուեալ դաշինքի միանալու փափաքի մերժումին, բանակցութիւններու (կամ…















