Քննարկում

Կախարդական Փայտի՞կ, Թէ Ճիպոտ

Նորանշանակ վարչապետ պր. Կարէն Կարապետեան, իր կարգին, կ՛իւրացնէ իր երկու նախորդներու հերթական յիշեցումը, թէ ՀՀ վարչապետը իր ձեռքերուն մէջ չունի «կախարդական փայտիկ», որով կարենայ երկրի տնտեսութեան հարցերուն արագ լուծումներ բերել: Պարզ խօսքով, հասարակութիւնը սկիզբէն իսկ կը զգուշացուի, որ հրաշքներ պէտք չէ ակնկալել նոր կառավարութենէն, քանի որ հրաշագործներ չկան… Կայ մենաշնորհային համակարգի անելներուն մէջ բռնուած մեր…

Ոչ Թէ Խոստումներու, Այլ Լուծումներու Ժամանակն Է

Քանի մը շաբաթէն, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ (կարճ՝ ՏԻՄ). այսինքն պիտի ընտրուին քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական աւագանիի անդամներ, ինչպէս նաեւ գիւղապետներ: Այնպէս որ ընտրական քարոզչութեան գործընթացը, համապատասխան մթնոլորտով, սկսած է: Մեծ գիւտ մը ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու պարագային, նախընտրական մթնոլորտը կը յատկանշուի խոստումներով: Թեկնածուները կը խոստանան…

Այցելութիւն Ատրպատականի Հայկական Սրբատեղիներ

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Թեհրանի մէջ համախմբուած են աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: 15 սեպտեմբերին հեռաձայնային կապով մը անոնք արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները: Աւետիս Կիտանեան անդրադարձաւ իրենց Թեհրան գտնուելու նպատակին` նշելու «Ալիք»-ի 85-ամեակը, եւ աւելցուց, որ 15 սեպտեմբերին հիւրերը…

Տարեդարձները Պէտք Է Առիթ Ըլլան Ե՛ւ Արցախի, Ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Իշխանութիւններուն Ականջալուր Ըլլալու Ժողովուրդին Դժգոհութիւններուն

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ին կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը` Հայ դատի աշխատանքներուն, Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ամփոփենք Հայ դատի աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 100-ամեակէն…

«Ալիք»-ի 85-ամեակի առիթով Թեհրան են ժամանել հայաշխարհի մամուլի ներկայացուցիչները

«ԱԼԻՔ», Ա. Է. — Հայալեզու մամուլի պատմական հարուստ ժառանգութիւնից խօսելիս մեծ բացթողում կը լինի, եթէ չանդրադառնանք դրա ազգային կարեւորագոյն գործօնին՝ հայապահպանմանը: Եւ որպէս այսպիսին, ազգապահպան նշանակութեան մամուլի՝ հարազատ «ԱԼԻՔ»-ի 85-ամեակի առիթով կազմակերպւած միջոցառումները ընդամենը օրեր անց Իրան կը բերեն աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի յայտնի դէմքերի, որոնք տասնօրեայ ժամանակահատւածում կը կամրջեն Արեւմտեան ու Արեւելեան Ամերիկաների, Եւրոպայի ու…

Թուրքիա Գաղտնի Համաձայնութիւն Կնքած Է «Իսլամական Պետութեան» Հետ` Սուրիա Իր Խաբուսիկ Ներխուժման Վերաբերեալ

Սուրիա եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն` 2011 թուականի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի սկիզբէն ի վեր: Զանազան հակամարտող կողմերու շարքին են Հըզպալլան, Իրանը, «ՏԱՀԵՇ»-ը, Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ` աշխարհի չորս կողմէ, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՕԹԱՆ-ի այլ պետութիւններ: Վերջին չարագուշակ զարգացումը թրքական ներխուժումն…

Եւ Հազարաւոր Լռութիւններ Ճիչի Կը Վերածուեն…

Վերջերս Երեւանում լոյս տեսաւ յայտնի թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Հայերի բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» վերնագրով գիրքը, որը 2014 թուականին թուրքերէնով հրատարակուել էր Պոլսում: Այժմ գիրքը հասանելի է նաեւ հայ ընթերցողին` Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կենտրոնի աշխատակիցների ջանքերի շնորհիւ եւ «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: Գրքի թարգմանիչն է թուրքագէտ, պ. գ. թ. Մելինէ…

Կ՛երթամ Ուխտի

Միշտ փափաքած եմ այցելել Իրան: Անցեալ տարի նոյնիսկ մտածեցի «Ասպարէզ» թերթի նախաձեռնութեամբ՝ դէպի Թադէի վանք ուխտագնացութիւն կազմակերպել եւ, անշուշտ, խումբին միանալով՝ իրականացնել փափաքս: Հազար ու մէկ պատճառներով անցեալին կարելի չէր եղած այս ճամբորդութիւնը կատարել: Հիմա, «Ալիք» օրաթերթի 85ամեակին առիթով, պաշտօնակիցներս հրաւիրած են խմբագիրներ ու լրագրողներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնց շարքին ըլլալու պատիւը շնորհած են ինծի:…

Հայաստան Նոր Փոփոխութիւններու Սեմին

(ԱՐԴԵՕ՞Ք) Չ’ըսինք բարեփոխում, այլ ըսինք փոփոխութիւն։ Էապէս տարբեր բաներ են։ Որովհետեւ ամէն փոփոխութիւն անպայման բարեկարգում, կամ բարեփոխութիւն կրնայ չնշանակել։ Այս յօդուածը գրուելու պահուն, արդէն յստակ էր ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականը եւ այդ պաշտօնի նոր թեկնածուն՝ Կարէն Կարապետեան։ Ան եղած է Հայաստանի մէջ ռուսական կազի ընկերութեան նախագահ, ապա կարճ ատենի համար՝ Երեւանի քաղաքապետ։ Իր մասին…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Դէպի Նոր Սահմանադրութեան Կենսագործում

Պետական բարձրագոյն օղակներէն հնչած յայտարարութիւններուն եւ առնուած քայլերուն միջեւ կայ, կ՛երեւի հետեւողականութիւն: Չէ բացառուած, որ փոփոխութիւններու միտող որոշումներու կայացումն ու անոնց գործնականացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը արագացան յատկապէս յուլիսեան դէպքերէն ետք: Չմոռնանք սակայն, որ յուլիսեան դէպքերուն նախորդած քառօրեայ պատերազմը եւս ընթացքի արագացման մէջ իր դերը ունէր: Ի վերջոյ համատարած համոզում էր եւ է տակաւին, որ արմատական…