
Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած վերջին յարձակողականը հայ-ազրպէյճանական շփման գծի արցախեան հատուածի երկայնքին պէտք է դիտել որպէս մէկ նոր փուլ Թուրքիա-Ռուսաստան առճակատումներու շղթային մէջ՝ թելադրուած Թուրքիոյ ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն և թուրք-ազրպէյճանական առանցքի լիարժէք օգտագործմամբ։ Յստակ է, որ Սուրիոյ և Իրաքի ռազմաբեմերուն վրայ, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բախեցաւ Ռուսաստանի ուղիղ և հուժկու միջամտութեան և քրտական ուժի ազդու հակադարձութեան, որ միաժամանակ աջակցութիւն…















