
Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու շարքին փառապանծ ու յաւերժական իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 44րդ տարելիցն է այսօր։ Մ. Նահանգներու մէջ, 12 Ապրիլ 1973ին, այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր ցաւատանջ աչքերը առյաւէտ փակեց Հայոց Նեմեսիսի քաջասիրտ արդարադատը։ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ…















