
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ յատուկ յայտագիրով մը անդրադարձաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ Սուրիայէն գաղթած հայորդիներուն: Յայտագիրին հիւրերն էին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ սուրիացի պատմաբան Սամիր Աարպաշ: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ հայութեան գոյութեան` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ անիկա շատ հին է, ԺԶ.-ԺԷ. դարէն սկսեալ, սակայն յետ ցեղասպանութեան անոնց թիւը բազմապատկուած է:…















