
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին առանցքը կազմեցին նախագահական նոր նստաշրջանի ընթացքին առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը` երկրի միասնականութեան եւ զարգացման առնչութեամբ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ այդ իմաստով երեւցող…















