
* Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ, անցնող օրերուն ընթացքին, շարունակուեցան հանդիպումները յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ, ի տես այս Կիրակի 25 Յունուարին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընդհանուրին մէջ, ընդառաջուեցան այն թեկնածուներու դիմումները, որոնք հանդիպում խնդրեցին մեր հետ: Այսպէս, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերներու հետ հանդիպում խնդրած էր Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան թեկնածու Եորղոս Քումուցաքոս,…















