
Եգիպտոսի մէջ, 30 Յունիսի կատարուած իշխանափոխութենէն խիստ անհանգստացած է Թուրքիան, որ կ՚ընդիմանայ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ պահանջէ նախկին նախագահ Մորսիի վերադարձը։ Թուրքիոյ այս կեցուածքը կ՚անհանգստացնէ եգիպտական որոշ շրջանակներ, ովքեր ժամանակը ճիշտ կը նկատեն՝ Թուրքիոյ դէմ տարբեր ուղղութիւններով միջազգային արշաւներ սկսելու։ Ոմանք Թուրքիոյ դէմ այս արշաւներու շարքին կարեւոր ուղղութիւն կը նկատեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Եգիպտական «Սատա…














