
«Արաբական գարուն»-ը հեգնական երեւոյթներու շարք մըն էր, մանաւանդ` Եգիպտոսի մէջ: Մակերեսային դիտողներուն անիկա թուեցաւ կրկնութիւնը 1989-ի Արեւելեան Եւրոպայի անցուդարձերուն: Հոն, խորհրդային բռնագրաւումը կ՛արգիլէր Արեւմտեան Եւրոպայի օրինակով սահմանադրական ժողովրդավարութեան մը պահանջի իրագործումը: 1989-ի անցուդարձերը տպաւորեցին Արեւմուտքի այդ սերունդը, եւ երբ որ անոնք արաբական փողոցներուն մէջ ամբոխները տեսան, ենթադրեցին, որ Արեւելեան Եւրոպայի իրադարձութիւններուն կրկնութիւնն է, որ կը…














