
Արցախի ժողովուրդին լիակատար համերաշխութիւն ցոյց տալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւնները դատապարտելու նպատակով՝ Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ համախմբուեցաւ աթենահայութիւնը Կիրակի 3 Ապրիլի կէսօրուայ ժամը 12։30ին։ Բազմամարդ ցոյցը կազմակերպուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նուազ քան 24 ժամուայ մէջ, արագօրէն համախմբելով մեր հայրենակիցները։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան անդամները,…













