Ամսական արխիւներ. August 2013

ՀՄԸՄ Լիբանան Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերու Ախոյեան

Շաբաթ, 3 օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը: Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ` 27 յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկ¬մարզիկուհիներ: Մարզախաղերը ընդգրկեցին ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, աթլեթիզմ, լող, ճատրակ եւ առաջին անգամ ըլլալով` թենիս: Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եւ բաժակներու տուչութիւնը կատարեցին Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի…

«Եւրոպական Համարկումը Շատ Աւելի Դժուար Ճամբայ Է Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Ճէյմս Նիքսի

Լոնտոնի մէջ հեղինակաւոր փորձագիտական կեդրոններէն մէկուն` «Չաթըմ հաուս»-ի Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Ճէյմս Նիքսի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան կախուածութեան մէջ է, սակայն ներկայիս ցանկութիւն կայ այդ իրավիճակը փոխելու: Նիքսի միաժամանակ ընդգծեց, որ եւրոպական համարկումը շատ աւելի դժուար ճամբայ է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար եւ շատ աւելի մեծ քաղաքական կամք կը…

«ՀՅԴ-ի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին Միջեւ Հարցեր Չկան, Այլեւ` Տեսակէտներու Տարբերութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հարցեր կան: Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ պարզապէս կան տարբեր տեսակէտներ, որոնք յաճախ կրնան պատահիլ նաեւ մէկ տան մէջ: «ՀՅԴ-ի եւ…

Հայրենադարձները իրենց ներդրումը ունին Հայաստանի կայացման եւ զարգացման մէջ

Ակնարկ մը նետելով 30-ական թուականներէն առ այսօր Հայաստանէն ներս գործող մշակութային գործիչներու կենսագրութիւններուն, կ՚եզրակացնենք, որ կարկառուն դէմքերու մեծ մասը հայրենադարձներ են, որոնք ներգաղթելով հայրենիք, մեծ դեր ունեցած են երկրի մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգարցման գործին մէջ եւ դարձած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ։ Հայրենադարձ բանաստեղծներու, երաժշտահաններու, դերասաններու, նկարիչներու, երգիչ-երգչուհիներու ցանկը բաւական հարուստ է. Տիգրան Մանսուրեան, Պերճ Զէյթունցեան, Յակոբ…

Աշխարհիկ Ձեռնոց

Անցեալ երեկոյ, խումբ մը մտաւորական ընկերներու հետ առիթ ունեցանք զրուցելու «Ասպարէզ»ի մասին: Խօսակցութեան ընթացքին եղան քննադատական արտայայտութիւններ, երբեմն նոյնիսկ՝ սուր, թերթին մէջ տեղ գտած թերութիւններուն վերաբերեալ: Բոլորն ալ տեղին էին: Քննադատական խօսքերուն մէջ կղերականութեան գործունէութեան յատկացուած լայն թղթակցութիւնները կրճատելու, նուազեցնելու յորդորներ եղան: Նման յորդորներ անցեալին եւս հասած են խմբագրութեան: «Թերթը եկեղեցական լրատուի կը նմանի» ըսողներ…

Հաղորդագրութիւն

Դատապարտելով նախանցեալ գիշերուան հրթիռարձակումը` երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Պաապտա Ֆիատիէ շրջանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը: Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 68-ամեակի նշումէն ետք, անծանօթ աղբիւրներէ արձակուած հրթիռներ թիրախ դարձուցին Պաապտա եւ Ֆիատիէ շրջանները, ուր կը գտնուին լիբանանեան պետական հիմնական հաստատութիւնները, ինչպէս լիբանանեան պետութեան խորհրդանիշը…

Հորիզոն շաբաթաթերթի հարցազրոյցը ՍՕԽ – ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանի հետ

«ՀՕՄը Կ՛աշխատի Դառն Բաժակը Հեռացնել Հայորդիներէն» «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Տագնապի սկիզբէն ի վեր ի՞նչ եղաւ Հալէպի եւ շրջաններու աշխատանքը: ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Սուրիոյ տարածքին մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սկսած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը վերջին շրջանին մտահոգիչ սպառնալիք դարձաւ հայկական գաղութին։ Բոլոր շրջաններուն եւ քաղաքներուն մէջ՝ Դամասկոս, Ճեզիրէ, Գամիշլի եւ Հասաքէ, Լաթաքիա, Քեսապ եւ մանաւանդ Հալէպ, հայութիւնը…

Թերամիտը եւ ՀՅԴ կազմակերպութիւնը – Գ. Դաշնակցականը

Դաշնակցութեան մէջ կուսակցապետական կամ պարագլուխային դրութիւն որոնող թերամտութիւնը, նոյն անատակութեամբ, կը փորձէ դաշնակցական շարքայինը բնորոշել իբրեւ հլու եւ հնազանդ հետեւորդ: Թերամիտին թիւր տրամաբանութեամբ՝ եթէ պարագլուխներ ունի Դաշնակցութիւնը, ապա ուրեմն անոր անդամները պէտք է ըլլան կամակատարներ: Ծիծաղելի եզրակացութիւն է այս մէկը, երբ նկատի ունենանք անոր տրամաբանութեան մեկնակէտ հանդիսացող նախադրեալը: Ինչպէս անհիմն է նախադրեալը, այսինքն՝ պարագլուխային դրութեան…

Զրոյց, Արժեւորում Եւ Մտահոգութիւններ. Երկքաղաքացիութիւնը` Համազգային Տեսլական Եւ Հեռանկար

Երկքաղաքացիութիւնը` Համազգային Արժէք Երկքաղաքացիութիւնը սփիւռքահայութեան ազգային պատկանելիութեան ամրագրման անփոխարինելի կռուանն է, որ ունի համահայկական արժէք եւ համազգային կարեւորութիւն: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ երկքաղաքացիութեան օրէնքին որդեգրումով հայը, ո՛ւր որ ալ ապրի, այսուհետեւ իրաւունք ունի անդամ դառնալու իր հայրենիքին եւ մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի լաւապէս պէտք է ճանչնայ իր քաղաքացիական իրաւունքները…

Քաղաքական կոռեկտության մասին

Սկսենք ոչ այնքան ծիծաղելի ամերիկյան կատակից: Գիտե՞ք ԱՄՆ-ում ով ունի լավ աշխատանք գտնելու ամենամեծ հնարավորությունը: Սևամորթ կաղ լեսբուհին: Ինչո՞ւ: Որովհետև ցանկացած գործատու աշխատանքի ընդունելիս պարտավոր է հաշվի առնել քվոտաները, որոնք նախատեսված են ամենատարբեր փոքրամասնությունների համար, և նախապատվությունը տալ դրանց ներկայացուցիչներին: Մասնագիտական որակնե՞րը: Դրանք երկրորդական են, որովհետև գնահատականները սուբյեկտիվ են: Այդ իսկ պատճառով, աշխատանքի ընդունելով սևամորթ…