Յայտարարութիւններ / Հաղորդագրութիւններ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերի հայտարարությունը Երեւան քաղաքում իրավիճակի կապակցությամբ

Արդեն որերորդ օրն է Արցախում մեծ անհանգստությամբ հետեւում ենք Հայաստանի Հանրապետության մայրաքաղաք Երեւանում ծավալվող իրադարձություններին: Մեզ համար խորապես մտահոգիչ են վերջին օրերի զարգացումները, որոնք վտանգում են ներքին կայունությունն ու քաղաքացիական համերաշխությունը: ԼՂՀ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերն անվերապահորեն դատապարտում են պետականության հիմքերը խարխլող բռնության ցանկացած դրսևորում և կոչ են անում զսպվածություն ցուցաբերել ու ձեռնպահ մնալ այնպիսի…

Յայտարարութիւն

Բուռն կերպով կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած թշնամական, ռազմական գործողութիւններու ծաւալումը, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծումները եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու դաւադիր ծրագիրները։ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայոց Բանակին եւ պայքարունակ մեր ժողովուրդին։ Հակառակ սուրիահայութեան վիճակուած ծանր պայմաններուն, մեր հնարաւոր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնենք հայրենի հողին ու…

Յայտարարութիւն

Անցեալ մօտ երկու տարիներու ընթացքին, Ատրբէյջանի զինեալ ուժերուն հետզհետէ սաստկացող յաճախակի յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի սահմանապահ ուժերուն վրայ — նաեւ հայրենի սահմանամերձ գիւղերն ալ ունենալով որպէս թիրախ – կը դառնան աւելի յաճախակի ու վայրագ։ Այս շաբաթավերջին, ծանր հրետանիի, հրասայլերու եւ օդուժի համադրեալ գործողութիւններով, կրկին նախայարձակ հանդիսացան Ատրբէյջանի իշխանութիւնները, վտանգելով զինադադարի, արդէն իսկ տատանող իրավիճակը։ Գոհանանք…

Հաղորդագրութիւն

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 11-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 7-11 սեպտեմբեր 2015-ին` Աղուերանի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 20 շրջաններէ 65 պատգամաւորներու եւ 34 հրաւիրեալներու: Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ: Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը…

Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

2015-ի ապրիլ եւ մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար: Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն կերպով տեղափոխուեցան Հալէպէն: Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ` ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ: Կամաւորաբար Հալէպ…

Յայտարարութին

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն նոր հանգ­րո­ւա­նը հա­մա­րո­ւող 100ա­մեա­կի նշու­մը՝ հա­յու­թեան ար­դար եւ գի­տա­կից պայ­քա­րի դրսե­ւո­րումն է, որ կը հա­մախմ­բէ հա­մայն ազ­գի նե­րու­ժը: Յու­նա­հա­յու­թեան եւս ամ­բողջ ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ հա­մախմ­բո­ւած ու կեդ­րո­նա­ցած ձե­ւով գոր­ծե­լու ա­ռու­մով, ար­դէն կազ­մո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Յանձնա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ ՀՀ ­Դես­պա­նու­թեան ու գա­ղու­թիս միա­ցեալ ու­ժե­րէն եւ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ…

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի 14 Յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 18:00.ին, պատուիրակութիւն մը բաղկացած Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեանէ, ատենադպիր պրն. Արամ Աւագեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ պրն. Յակոբ Յովակիմեանէ հանդիպում ունեցաւ Բիրէայի Ա. Շրջանի երեսփոխան եւ նախկին կրթական Նախարար պրն. Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսի հետ, իր քաղաքական գրասենեակին մէջ: Հանդիպման նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր պրն. Արվանիթոփուլոսին, իբրեւ…

Հաղորդագրութիւն թիւ 10

Սուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, սուրիահայութիւնը յատկապէս անցնող երեք տարիներուն, իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք: Սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր երկրին եւ համայնքին, իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային, մշակութային ու մարզական կեանքին: Այսօր, Քեսապի ազատագրումի ուրախութեամբ համակուած` կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, բայց մանաւանդ` Ծովափի շրջանի հայութիւնը եւ այս առթիւ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Բանակին,…

Լիբանանահայութիւնը Այս Տագնապալի Հանգրուանին Կը Մնայ Տէրը Համահայկական Իր Պատասխանատւութեան. ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ

Սուրիոյ տարածքին ծաւալող զինուորական գործողութիւնները տագնապալի կացութեան մը մէջ դրած են սուրիահայութիւնը: Պատմական Քեսապ հայաւանը այսօր դատարկուած է իր դարաւոր բնակչութենէն: Աւելի քան 700 հայ ընտանիք դարձած է տեղահան: Թալանուած են բնակիչներու բնակարանները, վաճառատուները: Վնասներու ենթարկուած են ազգային կառոյցները: Ցեղասպան Թուրքիոյ տարածքէն կատարուած ռմբակոծումները եւ սահմանային անցակէտերէ նախաձեռնուած թափանցումը, Քեսապի հայաթափումը եւ անոր խաղաղ բնակչութեան…

ՀՅԴ Աւստրալիա. Աւստրալահայ Գաղութը Այս Տեղ է՝ Սուրիահայութեան Կողքին

Հաղորդագրութիւն Խստօրէն կը դատապարտենք Սուրիոյ Հայաբնակ՝ Քեսապ շրջանի վրայ կատարուած անմարդկային եւ ահաբեկչական գործողութիւնները: Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատարուած արարքները կու գան անքամ մը եւս հաստատելու արիւնարբու ազգին դարերէ ի վեր որդեգրած հակահայ քաղաքականութիւնը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից միութիւններով կու գայ կոչ ուղելու բոլոր պետութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ, գործածելու…