
Անցնող օրերուն, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայկական Քեսապ աւանին դէմ շղթայազերծուած յարձակումը` այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ժիհատական ուժերուն կողմէ, ուղղակիօրէն հովանաւորուած եւ օժանդակուած Թուրքիոյ կողմէ, դատապարտումի եւ ընդվզումի մեծ ալիք բարձրացուց հայաշխարհին մէջ` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներ: Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Նոր Սերունդը իրենց կարգին անմիջապէս դիմեցին տարբեր…















