
Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցից պրն. Գէորգ Գոլանեան եւ Հ.Կ.Խ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկին Լուսի Շանկայեան Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբեր 2013-ին, յետ ժամադրութեան, յոյժ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան կրթական նախարար պրն. Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսին հետ, նախարարութեան գրասենեակին մէջ: Հանդիպման ընթացքին՝ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն պարզեցին մեր վարժարաններու դիմագրաւած սուր…















