
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- 2007 թուականին Թիւ 26.199 Օրէնքի հռչակումէն ի վեր, Արժանթինը ամէն տարի Ապրիլ 24ին կը նշէ «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»ը, ի յիշատակ 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Անցեալ Ապրիլ 30ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կազմակերպեց հայոց պատմութեան այդ սեւ էջի 98ամեակի յիշատակումը Պուէնոս Այրէսի Գոլէխիօ Նասիոնալի մէջ։…















