
Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու: Զուգահեռ`…















