
Իր մէջ կար պիրկ, խտացեալ, հազուադէպօրէն բառերու վերածուող գաղափարը, որ այնուամենայնիւ կ՛արտայայտուէր դաշնակցական մարդու յատուկ իր խստակեցութեամբ: Անոր օրը կ՛անցնէր մեր ուխտի հնոցին մէջ, ուր թէժ իրականութիւնն է, եւ ուր խօսքերը կը կշռեն ծանր: Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն բերումով, Արան անցած էր մեր կեանքի բոլոր տեղաշարժներէն, դիմագրաւած` հարցականները, դիմացած` ժամանակի տարերային փլուզումներուն: Եւ քանի որ մեր…















