
Մարտ 2011-ին գործադրութեան դրուած «Արաբական գարուն»-ը, աշխարհաքաղաքական հսկայական ծրագրի մը մէկ նոր փուլն էր, որ ի գործ դրուած էր արեւմտեան քաղաքական ուժերու կողմէ, միջազգային նոր դրոյթ ստեղծելու նպատակով: «Արաբական գարնան» այս նոր փուլին արդէն նախորդած էին տարբեր փուլեր, որոնք սկսան արեւմըտեան բանակներու Աֆղանիստան ներխուժումով, ապա Իրաքի գրաւումով, հասնելու համար «Արաբական գարնան»: Ուժանիւթի աղբիւրներու տիրապետման, արտահանման…















