
Հայոց ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք համայն հայութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով, պահանջատիրական արտայայտութիւններով եւ ոգեկոչման ձեռնարկներով եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ ժամանակի գործօնը զինք աւելի եւս վճռակամ ու պահանջատէր կը դարձնէ, 99 տարուան թրքական ուրացումը զինք աւելի ուժեղ կերպով կը կապէ իր դատին, հատուցման պահանջին, 99 տարուան ոտնակոխուած արդարութիւնը կը մղէ զինք աւելի բարձրաձայն մերժելու անարդարութիւնը,…















