
Ներթրքական հարթութեան վրայ արձանագրուող մագլցումներու քաղաքական մեկնաբանութիւնը պարզ չէ, չըսելու համար, որ բաւական բարդ է: Հարցը անշուշտ կը վերաբերի «Մեծ կաշառք» գործողութեան շարժառիթին, ապրող հոլովոյթին, «Մեծ կաշառք»-ին եւ «Կեզի այգի»-ին յառաջացուցած մակընթացութիւններու տարբերութիւններուն, տեղ-տեղ անոնց հետապնդած նպատակներու համատեղման եւ շատ աւելի` անոնց ուղղակի հակասումին: Մեծ հարցականներ կը ստեղծէ ի՛նք` ֆեթհուլլահ Կիւլեն: Իսլամական վարչակարգի հոգեւոր աղբիւրն…















