
Հայաստանի եւ Արցախի պետական ու սփիւռքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի ներկայացուցիչներու եւ աւելի քան հարիւր եօթանասուն հոգիի մասնակցութեամբ, Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Պրիւքսելի Հայ Տան մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպահայութեան Գ. խորհրդաժողովին, Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ։ Ներկայ եղան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը, ՀՀ Ազգային Ժողովի…















