
Սուրիոյ դէմ զինեալ յարձակումի մը որոշումը հրապարակ նետելէ ասդին, նախագահ Օպամա հազուադէպ երկփեղկումի մը պատկերը կը դիմագրաւէ թէ՛ քաղաքական եւ թէ լրատուական-քարոզչական բեմերուն վրայ, Միացեալ Նահանգներէ ներս թէ զինակիցներու շրջանակին մէջ։ Յարձակման ընտրանքը թմբկահարողներուն դիմաց, կայ այդ ընտրանքին ընդդիմացողներու ստուար շարժում մը, որ կլանած է նաեւ փողոցը. ռազմական նոր ճախճախուտէ մը ետ կենալու պահանջը բարձրաձայնող…















