
Անցեալ Ուրբաթ օր, Երեւանէն Թիֆլիս ճանապարհին վրայ երկու երիտասարդներու՝ Ալէն Եկիկեանի եւ Սօսէ Թովմասեանի, կեանքի թելը դաժանօրէն կտրուեցաւ: Լուրը ցնցեց հազարաւորնեու հոգիները՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գօտիներ: Մատաղ տարիքի զաւակ, հարազատ, ընկեր կորսնցնելու վիշտը կարելի չէ չափել, կարելի չէ համեմատել: Նոր ամուսնացած այս զոյգին դժխեմ ճակատագիրը, անոնց անհեթեթ մահը, սակայն, մարդկային կորուստ մը ողբալու ու…















